ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՄԱՆԿԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աստուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի տնօ­րէն խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Խում­բը գլխա­ւո­րեց դպրաց դա­սու նա­խա­գահ Տ. Յու­սիկ Քհնյ. Հէր­կէ­լեան։ Դպրաց դա­սու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան ի­րենց մօ­տա­լուտ տա­րե­դար­ձին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Քա­ռա­սուն Ման­կանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին եւ տա­րե­դար­ձին ըն­դա­ռաջ փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015