ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐԸ
Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ ոգեւոր օր մը ապրեցաւ վարժարանի շրջանաւարտներու աւանդական հաւաքին առթիւ։ Խաւիծի օրը առիթ հանդիսացաւ զանազան սերունդներէ սաներուն համախմբման՝ դպրոցի պատմական համալիրէն ներս։
Առաւօտուն վանատան Անարատ Յղութիւն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Աւելի վերջ շրջանաւարտները համախմբուեցան վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ 1976-ի շրջանաւարտները ապրեցան մեծ հրճուանք։ Որպէս քառասնամեայ յոբելեար սաներ անոնք ստացան յուշանուէրներ։ Նախակրթարանի իգական սեռի յոբելեար շրջանաւարտներն ալ (1961, 62, 63) ապրեցան նոյն երջանկութիւնը։ Յոբելեար շրջանաւարտներուն անունով արտայայտուեցաւ Հրանդ Քալաթաշ։ Իգական սեռէ յոբելեարներուն անունով խօսք առաւ Սօնա Մորպօյաճը։ Ներկայ էին Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ Մխիթարեանի ընտանիքին պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու եւ այլ հիւրեր։
Յայտագիրը գործադրուեցաւ Սեւան Տէյիրմենճեանի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթներ ունեցան տնօրէնուհի Եւա Օրագեան եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեան։ Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանն ալ խօսք մը ուղղեց շրջանաւարտներուն։ Յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Մերի Պետիկեանին՝ վարժարանին մատուցած բազմամեայ ծառայութեան համար։
Խաւիծի օրուան ծրագրին մաս կազմեց նաեւ վիճակահանութիւն մը։