ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄՐՑՈՅԹՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՅԱՋՈՂՈՒԹՒՒՆՆԵՐ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս մասնակցութիւն բերին շարք մը միջվարժարանային ձեռնարկներու։ Neslin Değişen Sesi վարժարանին կողմէ կազմակերպուած մտախաղերու ծիրէն ներս դպրոցի ներկայացուցիչ խումբը հանդիսացաւ առաջին։ Խումբին մէջ էին՝ Լենա Սարըօղլու, Զապէլ Էօքքէ, Լիտիա Փոլատ, Արփինէ Ֆէնէրլի, Արեգ Միսիսեան եւ Առէն Քիրփիքեան։ Նոյն վարժարանին կողմէ կազմակերպուած բանաստեղծութեան ու հէքեաթի մրցոյթին արդիւնքով ալ Մէրամէթճեան վարժարանէն Լենա Սարըօղլու արժանացաւ մանսիոնի։

«Տարրիւշաֆաքա» վարժարաններու ցանցին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած շարադրութեան մրցումի մը արդիւնքով Մէրամէթճեան վարժարանէն Մասիս Քարա հանդիսացաւ առաջին եւ Լենա Սարըօղլու երրորդ։

Մէրամէթճեան վարժարանի տղաքը վերջին շրջանին կայուն յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն միջվարժարանային մրցոյթներու մէջ։  

Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018