ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐԻ ՍԵՂԱՆ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյթ մը։ Ռա­մա­զա­նի շրջա­նին զու­գա­դի­պած այս հա­ւա­քոյ­թին շրջագ­ծով դպրո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­ներն ու հա­մա­կիր­նե­րը։ Սե­ղա­նը գլխա­ւո­րեց Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան։ Ներ­կայ էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան եւ քա­ղա­քիս յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րէն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ։ Իս­թան­պու­լի Գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէ­լի ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս հա­ւա­քոյ­թին հրա­ւի­րուած էին նաեւ Շիշ­լիի շրջա­նէն դի­ւա­նա­կալ­ներ։

Ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ դպրո­ցի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ու տնօ­րէն Գա­րե­գին Պար­սա­մեան, որ­մէ վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցան Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պե­տու­հի Ռի­թա Նուռ­նուռ, ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Էօ­մէր Ֆուաթ Կիւն­տայ, ինչ­պէս նաեւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ, Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Հրէից րա­բու­նա­պե­տի տե­ղա­կա­լը՝ Լէոն Ա­տո­նի եւ  Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ­նե­րու հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Եու­սուֆ Սաղ։

Վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­ներն ալ իֆ­թա­րի սե­ղա­նին զու­գա­հեռ ներ­կա­յա­ցու­ցին մօ­տա­լուտ հայ­րե­րու օ­րուան ձօ­նուած յայ­տա­գիր մը։

Շիշ­լիի Կրթա­կան տնօ­րէն Միւ­ճա­հիթ Են­թիւրն ալ հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ դպրո­ցի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յանձ­նեց նուէր­ներ։   

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016