ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՄՆ-Ի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Ճուլի Էտէյի Անկախութեան օրուան առթիւ սարքած ընդունելութեան։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերանար գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց աւագ հիւպատոսին՝ սոյն ընդունելութեան համար։

Ուրբաթ, Յունիս 16, 2023