«ՓՈՔՐԻԿ» ՀԷՔԵԱԹՆԵՐՈՒ ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, «Փոքրիկ» հայերէն հէքեաթներու կայքէջի աշխատակազմը հիւրընկալուեցաւ Կազդուրման կայանի համալիրէն ներս։ Շատ հետաքրքրական յայտագիր մը պատրաստուած էր Կազդուրման կայանի փոքրիկներուն համար։ Ներկայ էին Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաք եւ իր գործակից ընկերները, տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, Կազդուրման կայանի սաները եւ այլ հիւրեր։

Օրուան յայտագիրը բաղկացած էր երկու մասէ։ Առաջին բաժնին մէջ, որ նախորդեց բուն ծրագրին, փոքրիկներուն համար հէքեաթներու աշխատանոց մը նախատեսուած էր։ Այս աշխատանոցին մէջ անոնց մատուցուեցան թռչուններու վերաբերեալ հէքեաթներ եւ նոյն ծիրին մէջ արծարծուեցաւ ազատութեան գաղափարը։ Իրենց հերթին, փոքրիկներն ալ ստեղծագործեցին իրենց երեւակայած թռչունները։ Այս փուլին անոնց նուիրուեցան «Արտէն» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած գիրքեր։

Աւելի վերջ սկսաւ բուն յայտագիրը, որու բացումին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Լիզա Չոլաքօղլու։ Փոքրիկներուն ներկայացուեցան հէքեաթներ եւ յայտագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին մը։ «Փոքրիկ»ի անունով Կազդուրման կայանի սաներուն ներկայացան՝ Լարա Նարին, Թալին Կարիպկիւն, Գարոլին Մամիկոնեան, Աշոտ Պօղոսեան, Մատլինա Կէզ եւ Պարթեւ Կարեան։ Տղաքը իսկապէս հաճելի ժամանց ունեցան յայտագրի տեւողութեան։

Աւարտին Արի Չոլաք յուշանուէրներ յանձնեց «Փոքրիկ»ի պատասխանատուներուն եւ երէկուան ձեռնարկի աջակիցներուն։

Հարկ է նշել, որ «Փոքրիկ» հայերէն հէքեաթներու կայքէջը այսօր ամբողջ աշխարհի ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Երկրագունդի զանազան անկիւններէն հետաքրքիրներ կը հետեւին կայքէջին, որու մատուցած հէքեաթներու թիւը այս պահու դրութեամբ արդէն հասած է հարիւրի սահմանին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2019