ԴԱՍԱԳՐՔԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը, որ կը վերաբերի պոլսահայ վարժարաններու ցանցէն ներս կրօնագիտութեան առարկայի դասաւանդման։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Նորա Շէնեան։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինները կը գլխաւորեն՝ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ կազմակերպուած՝ համայնքային վարժարաններու կրօնի առարկայի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքները։ Գումգաբուի խորհրդակցութեան հրաւիրուած էին նաեւ ներկայացուցիչները այն մատակարար մարմիններուն, որոնց հովանաւորութեան ներքեւ համայնքային վարժարան մը կը գործէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր աղօթքով սկսաւ աշխատանքը, որու ընթացքին ներկաներուն բացատրուեցաւ, որ համայնքային վարժարաններէ ներս կրօնի առարկայի աւելի արդիւնաւէտ դասաւանդման առաջադրութեամբ յղացուած է նոր դասագիրքի մը պատրաստութեան ծրագիրը։ Այս նախաձեռնութեան շուրջ թեր ու դէմ կարծիքներ յայտնուեցան։ Հարկ է նշել, որ դասագիրքի բովանդակութեան ձեւաւորման պատասխանատուութիւնն ալ վստահուած է Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանին եւ Նորա Շէնեանին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ժողովականներու նկատառման յանձնեց, թէ Պատրիարքական Աթոռը ամենայն բծախնդրութեամբ կը հետեւի համայնքային վարժարաններէ ներս կրօնի առարկայի դասաւանդման վերաբերեալ հարցերուն։

Ըստ մեր ստացած անպաշտօն տեղեկութիւններուն, այս գործընթացը յառաջիկայ շրջանին տակաւ պիտի հասուննայ՝ գործնական հարթութիւն առաջնորդուելու համար:

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2024