ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Պելժիոյ աւագ հիւպատոս Անրի Ֆան Թիէկըմը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը ողջունեց պելժիացի դիւանագէտը եւ գոհունակութիւն յայտնեց այցելութեան կապակցութեամբ։ Կարծիքի փոխանակումներ կատարուեցան թրքահայ համայնքային կեանքին վերաբերեալ զանազան նիւթերու շուրջ։
Բաց աստի, նոյնպէս երէկ, Պատրիարքարան այցելեցին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան անդամները, որոնց կ՚ուղեկցէր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Այս առթիւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ խնամակալները, որոնք տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ վարժարանի պարագային տարուած աշխատութիւններուն շուրջ։ Ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ իր ընկերները զրոյցի ընթացքին շօշափեցին նաեւ իրենց կալուածներուն վերաբերեալ խնդիրներ։ Նորին Սրբազնութիւնը գնահատանքով լսեց փոխանցուած բացատրութիւնները, օրհնեց Ղալաթիոյ խնամակալներուն ծաւալած գործունէութիւնը՝ յաջողութեան եւ կարողութեան մաղթանքներ փոխանցելով անոնց։
Հարկ է նշել, որ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ հերթական սիրոյ սեղանը պիտի սարքուի 24 Յունուար 2016 թուականին։