ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Խաչվերացի տօնին առթիւ երէկ մեր եկեղեցիներուն մէջ ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ժամադրավայրը դարձած էր հոծ թիւով հաւատացեալներու։ Խաչվերացի տօնին առթիւ նորին սրբազնութիւնը մատոյց Ս. Պատարագ եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին առընթերակայ էին Տ Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան եւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Զանազան թաղերէ փութացած մեր համայնքի անդամները միացան Սկիւտարի հաւատացեալներուն եւ բոլորն ալ հոգեւոր մեծ հրճուանք ապրեցան տաղաւարի օրով։ Ս. Պատարագէն վերջ եկեղեցւոյ բակին մէջ արարողութիւնները շարունակուեցան բացօթեայ եւ մեր աւանդութիւնները հերթական անգամ գտան իրենց շարունակութիւնը Սկիւտարի բարձունքին։ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հաւատացեալ ժողովուրդին համար պատրաստած էր նաեւ մատաղի միս։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2019