ԷՕԶՊԻԼԻԶԷՆ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թրքահայ խաղացողներէն Արաս Էօզպիլիզ կեանքի կոչեց բարեգործական ծրագիր մը։ Էօզպիլիզ, որ մօտաւոր անցալին Պէշիկթաշի մարզաշապիկով հանդէս եկած էր եւ ներկայիս Երեւանի «Փիւնիկ» ակումբին մաս կը կազմէ, Հայաստանի մէջ կառուցել տուած է ֆութպոլի դաշտ մը։

Արաս Էօզպիլիզ այս առթիւ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ մասնաւոր գրառումով մը։ «Այսօր մեծ օր մըն է։ Հպարտ եմ, որ մարդոց բան մը կրցած եմ վերադարձնել ու մանուկներուն ժպիտ նուիրած», յայտնեց ան։

Թրքական լրատուամիջոցներուն մօտ ալ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը։ Կը շեշտուի, որ Արաս Էօզպիլիզ Իսթանպուլէն է։ Ան ֆութպոլի դաշտի շինարարութիւնը ապահոված է ներդնելով իր սեփական միջոցները։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թրքահայ խաղացողներէն Արաս Էօզպիլիզ կեանքի կոչեց բարեգործական ծրագիր մը։ Էօզպիլիզ, որ մօտաւոր անցալին Պէշիկթաշի մարզաշապիկով հանդէս եկած էր եւ ներկայիս Երեւանի «Փիւնիկ» ակումբին մաս կը կազմէ, Հայաստանի մէջ կառուցել տուած է ֆութպոլի դաշտ մը։

Արաս Էօզպիլիզ այս առթիւ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ մասնաւոր գրառումով մը։ «Այսօր մեծ օր մըն է։ Հպարտ եմ, որ մարդոց բան մը կրցած եմ վերադարձնել ու մանուկներուն ժպիտ նուիրած», յայտնեց ան։

Թրքական լրատուամիջոցներուն մօտ ալ արձագանգ գտած է այս իրադարձութիւնը։ Կը շեշտուի, որ Արաս Էօզպիլիզ Իսթանպուլէն է։ Ան ֆութպոլի դաշտի շինարարութիւնը ապահոված է ներդնելով իր սեփական միջոցները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020