ՊԱՏԿԱՌԱԶԴՈՒ ԵՒ ՓԱՌԱՇՈՒՔ
Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ առաջին անգամ նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձը։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ պատկառազդու ու փառաշուք ձեռնարկ մը, որ պսակուեցաւ շատ փայլուն յաջողութեամբ։ Աննախընթաց ու գերազանց երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որով մեր համայնքը ապրեցաւ արտակարգ հրճուանք։ Թէեւ շարժառիթը Հայաստանի անկախութեան տարեդարձն էր, սակայն ձեռնարկը կատարեալ ու բարձր մակարդակով գեղարուեստական խնջոյք մըն էր միեւնոյն ժամանակ։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորն էր։ Աջակցութիւն բերած էր նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը։ Հայաստանէն ժամանած «Քատանս» նուագախումբը, որու քաղաքիս մէջ ներկայութիւնը վերջին օրերուն լայն հետաքրքրութիւն եւ արձագանգ ստեղծած էր, լիուլի արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։ Նուագախումբը խորապէս տպաւորեց ունկնդիրները եւ արհեստավարժ բարձր մակարդակի կատարումներով վստահաբար երկար ժամանակ անմոռանալի կը մնան հանդիստեսներու յիշողութեան մէջ։
«Ֆուլիա» գեղարուեստի կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ այս համերգը, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ (ՍԾՏՀԿ) Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ։ Մեր համայնքի յայտնի դէմքերէն բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբ մը բծախնդրօրէն յառաջ տարած էր նախապատրաստական աշխատանքները։ Համերգէն բաւական երկար ժամանակ առաջ ամբողջութեամբ լեցուեցաւ դահլիճը, ուր ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
Դահլիճ փութացած ընտրանի բազմութեան մէջ էին Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Պատրիարքական Աթոռէն այլ բազմաթիւ հոգեւոր հայրեր։ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը ներկայացուց Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւս ներկաներու շարքին էր։ Բացի երեսփոխաններ Սելինա Տողանէն եւ Կարօ Փայլանէն համերգին ներկայ գտնուեցան դիւանագիտական շրջանակներէն ծանօթ դէմքեր։ Այսպէս, հիւրերու շարքին էին վաստակաւոր դեսպան Էօզտէմ Սանպերկ, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ալեքսանտր Փրիշչեփով, Իսթանպուլի մօտ Ռուսաստանի աւագ հիւպատոս Անտրէյ Փոտիէլիշեւ, Իսթանպուլի մօտ Սպիտակ Ռուսիոյ աւագ հիւպատոս Վլատիմիր Միրոնովիչ, Իսթանպուլի մօտ Իրանի աւագ հիւպատոս Պախտիար Ասածատէ, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ եւ այլ շարք մը երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններէն ներկայացուցիչներ։ Յանուն Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտարի համերգին ներկայ գտնուեցաւ իր խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու։ Շիշլիի քաղաքապետութենէն Վազգէն Պարնն ու Սիրան Սուրքին ալ հանդիսատեսներու շարքին էին։ Մեր համայնքէն բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ, մամլոյ սպասաւորներ եւ հոծ թիւով երաժշտասէրներ խանդավառ մասնակցութիւն բերին այս ձեռնարկին։ Ի լրումն այս բոլորին, լայն հասարակութենէն եւս շարք մը ծանօթ դէմքեր մասնակցութիւն բերին երեկոյթին՝ մասնաւորապէս հայ-թրքական երկխօսութեան հետամուտ արուեստագէտներ եւ հասարակական գործիչներ։ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը այս ծրագիրը կեանքի կոչեց որպէս զուտ գեղարուեստական նախաձեռնութիւն։ Յամենայնդէպս, մեր համայնքի անդամներուն տեսակէտէ՝ որպէս Թուրքիոյ քաղաքացիներ, սա հերթական առիթն էր արտայայտելու համար դրական ակնկալութիւնները՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։
Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան եւ իր կողակիցը՝ Մերի Աւագեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան եւ իր կողակիցը՝ Լիանա Մարտիրոսեան համերգասրահի մուտքին դիմաւորեցին երեկոյթի մասնակիցները, որոնք շնորհաւորութիւններ յղեցին Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին առթիւ։ Բոլոր ներկաները այս ձեռնարկին առթիւ պատրաստուած գրքոյկները ստանալով մուտք գործեցին սրահ։ Գրքոյկներու կողքը զարդարուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան ոսկեզօծ զինանշանով։
Երեկոյթը սկսաւ հանդիսավարներուն՝ Պերճուհի Պէրպէրեանի եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու ողջոյնի խօսքով։ Պերճուհի Պէրպէրեան եւ Պօղոս Չալկըճըօղլու, որոնք փորձառու դերասաններ են, բացման խօսքի իրենց ոճով յաջողեցան անմիջապէս բոլոր հանդիսատեսներուն հասանելի դարձնել ձեռնարկին պատգամը։ Հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով հնչած բացման խօսքէն վերջ արտայայտուեցան Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ Արսէն Աւագեան։ Աւելի վերջ սկսաւ յայտագրի գեղարուեստական բաժնի գործադրութիւնը։ Առաջին առթիւ ասմունքի հրաւիրուեցաւ Սիլվա Կոմիկեան, որ իր ուրոյն եւ անկրկնելի ոճով մեկնաբանեց երանաշնորհ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի «Պատգամ»ը։
Եւ ի վերջոյ բեմ առաւ «Քատանս» նուագախումբը։ Թէ՛ հայկական եւ թէ օտար երգահաններու գործերը շատ բարձր մակարդակով մեկնաբանեց նուագախումբը, որ բառին բուն իմաստով մագնիսացուց բոլորին ուշադրութիւնը։ Յակոբ Ջաղացպանեան (կիթառ), Վարազդատ Խաչումեան (ջութակ), Մերուժան Եգանեան (ձեռնադաշնակ), Սոֆի Միքայէլեան (դաշնամուր) եւ Գուրգէն Ամիրեան (քոնթրպաս) կախարդական աշխարհ մը առաջնորդեցին բազմահարիւր ունկնդիրները, որոնք որոտընդոստ ծափահարութիւններով ողջունեցին հիւր արուեստագէտները։ Խորհրդանշական ձեւով այս կարեւոր ծրագրին մեր համայնքին կողմէ ալ բերուեցաւ մասնակցութիւն մը։ Այդ պատիւը վիճակեցաւ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթին։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի սաներէն խումբ մը իսկապէս յաջող պար մը ներկայացուց «Քատանս»ին հետ եւ այդ մասնակցութիւնը եկաւ ամբողջացնել այս ձեռնարկին իմաստը։
Ձեռնարկի եզրափակիչ փուլին այս ծրագրին մասնակցութիւն բերած կամ աջակցած անձնաւորութիւններուն յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանի յուշանուէրը յանձնեց «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան, Կարպիս Չափքանի յուշանուէրը յանձնեց Կարգադիր յանձնախումբէն Ազնիւ Մեծատուրեան։ «Քատանս»ի կառավարիչ Նիկա Պապայեան խումբին վերապահ-ւած յուշանուէրը ստացաւ ձեռամբ Կարգադիր յանձնախումբէն Նաժտա Շատեանի։ Կարգադիր յանձնախումբը յուշանուէրներ պատրաստած էր Մուրատ Հազինէտարին եւ Նուրհան Փալաքօղլուին համար։ Նկատի ունենալով, որ քաղաքապետը ակամայ կը բացակայէր՝ Փալաքօղլուին յանձնուեցան նոյնաժամանակ երկու յուշանուէրներ, ձեռամբ Ռաքել Տինքի։ Այս փուլին Նուրհան Փալաքօղլու փոխանցեց նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետին պատգամը։ Կարգադիր յանձնախումբը յուշանուէր մըն ալ պատրաստած էր Արսէն Աւագեանին համար։ Արա Գօչունեան այս փուլին վերյիշեց Պոլսոյ մէջ վերջին տարիներուն որպէս Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ պաշտօնավարած բոլոր դիւանագէտները՝ Կարէն Միրզոյեանն ու Միքայէլ Վարդանեանը։ Ան մատնանշեց, որ առաջին ներկայացուցիչը եղած էր Արսէն Աւագեան, որ ներկայիս պաշտօնավարութեան երկրորդ ժամկէտով մը կը գտնուի մեր մէջ։ Հանդիսատեսներու բուռն ծափողջոյններուն ներքեւ Արսէն Աւագեանին յուշանուէրը յանձնեց Շնորհիկ Ալթուն։ Վերջապէս, դարձեալ ջերմ ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ յանձնուեցաւ Պետրոս Շիրինօղլուի յուշանուէրը։ Այդ յուշանուէրը յանձնուեցաւ ձեռամբ վաստակաւոր դեսպան Էօզտէմ Սանպերկի։ Արա Գօչունեան այս առթիւ ընդգծեց, որ վաստակաւոր դիւանագէտը թէեւ առանց որեւէ տիտղոսի ներկայ էր երեկոյթին, սակայն թուրք-հայ բարեկամութեան նկատմամբ անոր տածած հաւատքը եւ ցուցաբերած կարեւորութիւնը հաշուի առնելով՝ Կարգադիր յանձնախումբին կողմէ Շիրինօղլուին համար պատրաստուած յուշանուէրը կը յանձնուէր անոր ձեռամբ։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ «Քատանս»ի անմոռանալի համերգին յաջորդած պատուասիրութեան հանդիսատեսները մասնակցեցան բարձր տրամադրութեամբ։ Բոլորը իրարու հետ բաժնեցին ուրախութիւնը եւ կրկին շնորհաւորութիւններ յղեցին Աւագեաններուն եւ Մարտիրոսեաններուն։ Ներկաները արտայայտեցին նաեւ իրենց անկեղծ մաղթանքը՝ բաժակ բարձրացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան յարատեւութեան ու խաղաղութեան համար։ Ընդունելութեան ընթացքին ներկաներուն հրամցուեցան Հայաստանի խորհրդանշական արտադրանքէն ոգելից ըմպելիներ՝ «Արարատ» քոնիաք եւ «Արմենիա» գինիներ։
Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան ներկայացուցիչներն ալ հետեւեցան երեկոյթին։
ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԹՐԻՔ
Իսթանպուլի այս անմոռանալի համերգէն վերջ «Քատանս» երէկ ուշ գիշերին Երեւան վերադարձաւ ուղիղ թռիչքով։ Երէկ երեկոյեան, Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը հիւր երաժիշտներուն համար սարքեց հրաժեշտի ընթրիք մը։ Երեկոյթին հրաւիրուած էին նաեւ Կարգադիր յանձնախումբի անդամները։ Ներկայացուցչութիւնը միեւնոյն ժամանակ այս ընթրիքը նախատեսած էր Կարգադիր յանձնախումբին շնորհակալութիւն յայտնելու համար։ Անմիջական մթնոլորտի մէջ անցաւ ընթրիքը, որու ընթացքին արտասանուեցան ջերմ բաժակաճառեր։ Ժամը շուրջ 21.30-ին «Քատանս»ի արուեստագէտները բռնեցին Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանի ճանապարհը։
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած այս համերգին Կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին հետեւեալ անունները.
Արման Աթընըզ, Սէրտա Արսլան, Արա Գօչունեան, Լենա Ենիեորկան, Ալէն Թեքպըչաք, Սելին Կեզերօղլու, Սեւան Կիւրիւն, Ազնիւ Մեծատուրեան, Նաթալի Յովհաննէսեան, Յարութիւն Շանլը, Նուրհան Տավուլճեան, Նաժտա Շատեան, Կարպիս Չափքան, Արի Չոլաք, Արթիւր Պաղտասարեան, Մուրատ Պէրպէրօղլու եւ Արի Տեմիրճիօղլու։