ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնի առթիւ շաբաթավերջին Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններ։ Ս. Պատարագին մասնակցեցան համայնքային վարժարաններէ տնօրէններ, կրթական մշակները, ինչպէս նաեւ աշակերտներ։ Այս առթիւ յիշատակուեցաւ Ս. Խաչ դպրեվանքի օրհնութեան օրը, այցելութիւն տրուեցաւ վարժարանի պարտէզը, ուր կը գտնուին երկու բարձրաստիճան հոգեւորականներու տապանաքարերը։

Տօնական արարողութեան հանդիսապետեց, Ս. Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Տ. Գրիգոր Ա., Կորիւն Ա., Զաքար, Յուսիկ եւ Շահէն քահանայ հայրերը, Առաքինազարդ Քոյր Գայիանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան։ Ս. Պատարագին մասնակցեցան նաեւ տնօրէններ, կրթական մշակներ ու աշակերտներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութինները կատարուեցան քահանայ հայրերու եւ ուխտաւոր դպիրներու կողմէ, երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Տէրունական աղօթքէ առաջ, Յարութիւն Աբեղայ ընթերցեց Պատրիարքական տեղապահ սրբազան հօր Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու տօնին առթիւ հրապարակած պատգամը։ Ապա, քարոզեց Եղիշէ Վարդապետ, անդրադառնալով Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց վարքին։ Հայր սուրբը յիշեցուց թէ, եկեղեցին ցաւ կը զգայ եթէ իր զաւակները հոգեւոր եւ բարոյական գետնի վրայ թերութիւններ ունենան։ Մեծանուն հովիւներ, որոնց գլխաւորներէն է Ս. Մեսրոպը, նոյն նշանաբանով ծառայած են իրենց հօտին համար։ Հայր սուրբը, յիշեցուց նաեւ թէ այս հովիւները իրենց անձերը զոհաբերած էին, հեռու մնալով անձնական շահերէ եւ փառքէ։ Իրենց յաջողութեան գաղտնիքն էր ժողովուրդի փառքը բարձրացնելու համար տքնաջան աշխատութիւն մատուցանել։ Այս առթիւ շնորհաւորեց բոլոր ներկաներու Թարգմանչաց տօնը։

Արարողութեան աւարտին կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Խաչ դպրեվանքի պարտէզը, ուր կը գտնուի երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի կողմէ, Արմաշէն բերուած, Արմաշու վանքի ուսումնական առաքելութեան երկրորդ կարեւոր հիմնադիր Պօղոս Արք. Գարագոչի շիրմաքարը եւ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի հոգեւոր ծնող՝ Արիստակէս Արք. Ռափայէլեանի տապանը։ Այնուհետեւ այստեղ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ յիշատակուեցան վախճանեալ պատրիարքներ, եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, կրթական մշակներ ու գրչի սպասաւորներ։

Արարողութեան աւարտին, հոգեւորականաց դասը եւ ներկայ կրթական մշակներն ու աշակերտները համախմբուեցան եկեղեցւոյ սրահը։ Աշխարհիկ հանդիսութիւնները սկսաւ, Ս. Խաչ դպրեվանքի եւ Գալֆաեան Տան աշակերտներու ներկայացումով։ Հակիրճ ներկայացման աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց Յարութիւն Աբեղայ եւ յայտնեց թէ՝ Թարգմանչաց տօնի առթիւ համախմբուած հոգեւորականներն ու կրթական մշակները ճշմարտապէս կը ցոլացնեն թարգմանչաց ոգին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք Պատրիարքական Աթոռոյ հրաւէրին ընդառաջելով արարողութեանց փութացին։ Ապա, յայտնեց թէ հայերէն Ս. Գիրքի տպագրութեան 350-ամեակի ծիրէն ներս, Պատրիարքական տեղապահ սրբազան հայրը տնօրինած էր ներկայ իւրաքանչիւր վարժարանի նուիրել Աւետարան մը։ Այնուհետեւ, ներկայ վարժարաններէ մեկական ներկայացուցիչ մօտեցան Եղիշէ Վարդապետի եւ ստացան աւետարանները։ Նուիրաբաշխումէ յետոյ Յուսիկ Քահանայ, Կորիւն Ա. Քահանայ, Սաթենիկ Նշան, Գարեգին Պարսամեան եւ Տիանա Գամբարոսեան արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը։ Իսկ Թաթիանա Պոստան, մեներգեց հայերէն երգեր։ Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Եղիշէ Վարդապետի հուսկ բանքով։ Հայր սուրբը կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու մաղթեց, որ թարգմանչաց ոգին միշտ միացնէ բոլորս մեր նեղութեան պահերուն։ Յիշեցուց նաեւ, թէ որպէս եկեղեցի եւ որպէս վարժարան մեր պարտականութիւնն է համագործակցաբար ծառայել ու ապագան կերտել, մեր առջեւ օրինակ ունենալով մեր նախնիները։ Միասնաբար երգուած Հայր մերով Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը հասաւ իր աւարտին։

Բաց աստի, Ս. Թարգմանչաց տօնի առթիւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցոյ մէջ արարողութեանց հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան,  ի ներկայութեան Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեանի, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի, Տ. Մաղաքիա Աղեղայ Պեսքիսզեանի, թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի կրթական մշակներու եւ աշակերտներու։

Միւս կողմէ, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հանդիսապետութեամբ, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեանի մասնակցութեամբ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն ներկայ եղան նաեւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանէն կրթական մշակներ ու սաներ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2017