ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԳԵՐՄԱՆԻԱ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր մեկնեցաւ Գերմանիա։ Յառաջիկայ օրերուն Պերլինի մէջ պիտի նշուի Լուտերական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 500-ամեակը։ Յոբելենական միջեկեղեցական արարողութիւններուն պիտի մասնակցի նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Ուստի, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ Նորին Սրբութեան պիտի ուղեկցի՝ որպէս Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ։

Միջոց մը առաջ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տեղեկացուցած էր, որ Պերլինէն վերջ պիտի անցնէր նաեւ Քէօլն։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին կ՚ընկերանայ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ նորին սրբազնութիւնը ամսավերջին պիտի վերադառնայ քաղաքս։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16, 2017