ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ իս­թան­պու­լա­հայ սա­նուց միու­թիւն­նե­րու ոս­կէ աշ­նան ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քոյ­թը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Մեր վար­ժա­րան­նե­րու սա­նուց միու­թեանց եւ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կը բարձր տրա­մադ­րու­թեան մէջ հա­մախմ­բեց բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ, նաեւ ե­րէց սե­րունդ­ներ, ո­րոնք զի­րար ող­ջու­նե­ցին աշ­խա­տան­քա­յին նոր շրջա­նի մը ըն­դա­ռաջ եւ ձմեռ­նա­մու­տի հանգ­րուա­նին թար­մա­ցու­ցին ի­րենց հա­ղոր­դակ­ցու­թիւ­նը։

Կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գած խում­բին ա­նու­նով ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Գէորգ Սիմ­քէ­շեան, իսկ ա­ւե­լի վերջ ե­րաժշ­տա­կան ճոխ յայ­տագ­րի մը զու­գա­հեռ ոս­կի աշ­նան այս խրախ­ճան­քին մաս­նա­կից­նե­րը ու­նե­ցան հա­ճե­լի ժա­մանց։ Ա­նոնք պա­րե­ցին միաս­նա­բար եւ համ­տե­սե­ցին կրա­կա­րա­նի վրայ պատ­րաս­տուած աշ­նան հա­ւա­քոյթ­նե­րուն բնո­րոշ ա­ւան­դա­կան հա­մա­դամ­նե­րը։ Օ­րուան յայ­տագ­րին շրջագ­ծով հան­դէս ե­կաւ նաեւ «Ար­մատ» նուա­գա­խում­բը, Նա­րօտ Տե­միր­ճիի մե­նա­կա­տա­րում­նե­րով։

Ներկաները հրաժեշտ առնելէ առաջ յառաջիկայ միութենական աշխատանքին համար իրարու մաղթեցին յաջողութիւն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015