ԱՏԱՄՆԱԲՈՅԺ ՄԿՐՏԻՉ ԿԻՒԼԷԶԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Ատամնաբոյժ Մկրտիչ Կիւլէզեան վերջերս այցելեց Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը, ուր քննեց աշակերտներու ակռաները։ Տղոց հետ զրուցելու ընթացքին ան խորհուրդներ տուաւ՝ ատամներու մաքրութեան եւ ընդհանրապէս բերանի խնամքին շուրջ։ Բոլոր աշակերտներու ատամները քննելու զուգահեռ՝ մասնագէտը խորհուրդներ տուաւ նաեւ սննդառութեան մասին՝ նոյնպէս ատամներու եւ բերանի առողջութեան տեսանկիւնէն։

Վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց Մկրտիչ Կիւլէզեանին, որ միշտ անմիջական հոգածութեան առարկայ կը դարձնէ աշակերտները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017