Երեքշաբթի 26, Նոյեմբեր 2024
ՂԱԹԱԼԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՕԾՈՒՄ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առաւօտ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ քահանայ հայրեր։ Օծման արարողութենէն վերջ, նորին սրբազնութեան հանդիսապետութեամբ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագ։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2017