ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Երէկ երեկոյեան Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբի ներկայացումը։ Այս տարի թատերախումբը կը ներկայացնէ «Rumuz; Deli Fişek» անուն խաղը, որու հեղինակն է Օքթայ Արայըճը։ Խաղի բեմադրիչն է Էօզտեմիր Չիֆթճիօղլու։ Դերակատարներն են՝ Արթին Պըչաքճը, Առէն Մակար, Լիանա Տելիճէ, Արմէն Աբրահամօղլու, Թերեզա Արփաճը Էրքոլ, Առէն Քեշիշլի, Նարեկ Էրքոլ, Արճան Աքսու, Ազնիւ Էվինկիւլիւ եւ Առէն Սէմէրճեան։ Թեքնիկ աշխատանքները կատարուած էին Արմենակ Քեշիշկիլի կողմէ։

Երէկուան կալային ներկայ գտնուեցան Եշիլգիւղի եւ Պաքըրգիւղի ընտանիքներէն պատասխանատուներ, քոյր սանուց միութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ թատերասէրներ։ Ներկայ էր նաեւ Պաքըրգիւղի նախկին քաղաքապետ Աթէշ Իւնալ Էրզէն։

Երեկոյթի աւարտին ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին արուեստագէտները, որոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ եւ ծաղիկներ, նաեւ արտասանուեցան շնորհաւորութեան խօսքեր։

Կալայի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16, 2018