ՖՈՔՈԼԱՐԷ ՇԱՐԺՄԱՆ ԱՆԴԱՄՈՒՀԻՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջերս ընդունեց Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ենթակայ Ֆոքոլարէ շարժման անդամուհիները։ Սոյն խումբի անդամուհիներէն Տանիէլա Տեկասփերի յայտնեց, թէ Իսթանպուլէն պիտի բաժնուի, իբր այդ փափաքած է հրաժեշտ առնել Նորին Ամենապատուութենէն։

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը գնահատեց Տեկասփերիի հոգեւոր ծառայութիւնը եւ հայրական օրհնութիւնը տուաւ, նաեւ նուիրեց փայտեայ խաչ մը, որպէս յիշատակ այս այցելութեան։

Հուսկ, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընծայուած ընդունելութեան համար։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2022