ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՄԵՐԳԸ

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի՝ այս տա­րի եւս Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կապա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Աւստ­րիա­կան Մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նի կող­մէ սար­քուած Ս. Ծննդեան հա­մեր­գին: 

Հա­մեր­գը սար­քուե­ցաւ երէկ ե­րե­կոյեան, Աւստ­րիոյ հիւ­պա­տո­սա­րա­նի Ե­նի­գիւ­ղի ա­պա­րան­քին մէջ:  Հա­մեր­գին ներ­կայ գտնուե­ցան Մխի­թա­րեան վա­նա­տան հայ­րեր՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն, Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չաց կազ­մը, Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ան­դամ­ներ եւ ծ­նող­ներ:

Նախքան հա­մեր­գին սկսի­լը ըն­դու­նե­լու­թիւն մը սար­քուե­ցաւ հիւ­պա­տո­սա­րա­նի հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ, ուր ներ­կայ էր հրա­ւի­րեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը:

Ներ­կա­յա­ցու­մի սկիզ­բը խօսք ա­ռաւ Աւստ­րիոյ Իս­թան­պու­լի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի մշա­կոյ­թի բաժ­նէն Մագ. Ռո­մա­նա Քէօ­նիկսպ­րուն, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի եւ աւստ­րի­ական Ա­լեւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն­նե­րուն ու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն:

 Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի ման­կանց երգ­չա­խում­բը եւ աւստ­րիա­կան Ա­լեւ վար­ժա­րա­նի երգ­չա­խում­բը հան­դէս ե­կան Ս. Ծննդեան և ա­մա­նո­րեան մաս­նա­ւոր յայ­տագ­րե­րով: Եր­գա­ցան­կը կը բաղ­կա­նար հա­յե­րէն, գեր­մա­նե­րէն և անգ­լե­րէն  գողտ­րիկ եր­գե­րէ: Վար­ժա­րա­նի ե­րաժշ­տու­թեան ու­սուց­չու­հի Լեռ­նա Պա­լօղ­լու Աք­պու­լու­թի մա­կա­նին ներ­քեւ մխի­թա­րեան­ցի տղա­քը մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ մեկ­նա­բա­նե­ցին կտոր­նե­րը, ար­ժա­նա­նա­լով ունկն­դիր­նե­րուն ան­վե­րա­պահ գնա­հա­տան­քին:

Այս ե­րաժշ­տա­կան խնջոյ­քը Ս. Ծննդեան ու Նոր տա­րուան սե­մին մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց մխի­թա­րեան­ցի տղոց մօտ, ա­նոնց սրտիկ­նե­րուն մէջ սեր­մա­նե­լով Յի­սուս Մա­նու­կի ծննդեան սքան­չե­լի խոր­հուր­դին առ­թիւ ջեր­մա­գին զգա­ցում­նե­րու տա­րափ մը:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015