ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի երդիքին տակ վերջերս հիւրընկալուեցաւ հոգեբան Սելին Էօզքան։ Ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն ուղղեալ երկու ելոյթներով հանդէս եկաւ մասնագէտը, որ բացատրութիւններ տուաւ, թէ ի՛նչ ճամբով ու ի՛նչ ձեւերով պէտք է շփում մշակել տղոց հետ։ Սելին Էօզքան անմիջական զրոյցի մը մթնոլորտի վերածեց իր ելոյթները, որոնք օգտակար հանդիսացան մասնակիցներուն տեսակէտէ։

Այս առթիւ վարժարանի տնօրէն Շահին Չընար հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը եւ Սելին Էօզքանին յանձնեց յուշանուէր մը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2017