ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը երէկ հերթական անգամ առարկայ դարձաւ մեր համայնքի զօրակցութեան։ Այս անգամուանը իսկապէս ծափահարելի աջակցութիւն մըն էր, որովհետեւ դպրոցի այս տարուան պիւտճէի բացը հաւասարակշռուեցաւ ամբողջութեամբ։ Երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ այսպիսի ողջունելի յաջողութիւն մը արձանագրուեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան արդիւնքով։

Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ տեղի ունեցան՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան սիրոյ սեղանին առթիւ։ Աւանդական արարողութիւններուն նախագահեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Ս. Պատարագին հետեւեցան Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը սաներ, որոնք ստացան նաեւ Ս. Հաղորդութիւն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որու կողքին էին քահանայ հայրերը։ Ներկաներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեան, յայտնի բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Շանթ Չաքմաքճեանի կողմէ գլխաւորուած Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեց ներկաները, որոնք համախմբուած էին տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։

Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Էլիզ Շարքլըի։ Ատենապետ Շանթ Չաքմաքճեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին շեշտեց, որ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը արդէն ողջունած է իր 200-ամեակի յոբելենական շրջանը։ Ան բացատրեց, որ դպրոցը կը ձգտի լաւ հայեր հասցնել՝ ընտանեկան միջավայրի մը մէջ։ Շանթ Չաքմաքճեան ընդգծեց, որ մեր համայնքէն ներս ներկայիս զգալի է կրթութեան հարցերով զբաղելիք մասնագիտական յատուկ յանձնախումբի մը կարիքը։ Վարժարաններ մատակարարող վարչական խորհուրդներն ալ պէտք է զօրացնեն համագործակցութիւնը։ Չաքմաքճեան ընդգծեց, որ մեր ինքնութեան գոյատեւման համար անհրաժեշտ է ապրեցնել եկեղեցիներու, դպրոցներու, երգչախումբերու նման հաստատութիւններ։

Ատենապետի խօսքէն վերջ, յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները։ Անոնք սիրոյ սեղանի սկիզբին Տէրունական աղօթքը երգելով արդէն արժանացած էին գնահատանքի եւ իրենց ելոյթներով ալ արժանացան ծափահարութիւններու։ Կարէն Մարտիկեանի հսկողութեան ներքեւ տղաքը ներկայացուցին պարեր եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Արթիւր Պաղտասարեանի մականին ներքեւ՝ խմբերգներ։ Լիանորա Չեթինքայա, Իմմանուէլ Էրճին, Ռոպերթ Նազարեան եւ Մարիաննա Ապտ հանդէս եկան արտասանութիւններով։

Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Ամենապատիւ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հօր հուսկ բանքով։ Ան առաջին հերթին տեղեկացուց, որ պիւտճէի բացը փակուած էր։ «Եթէ պատմութեան մէջ մեր ճամբորդութիւնը կ՚ուզենք շարունակել, ապա յատուկ վերաբերմունք պէտք է ցուցաբերենք մեր վարժարաններուն նկատմամբ», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ մեր համայնքի երախտաշատ բարերարներէն Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլին նկատմամբ։ «Թող իրենց օրինակը վարակիչ դառնայ մեր համայնքէն ներս», ըսաւ ան։ Ինչպէս ծանօթ է, Երկանեան ամոլը երկար տարիներէ ի վեր անփոխարինելի զօրակցութեան առարկայ կը դարձնէ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանը եւ այդ զօրակցութիւնը բառին բուն իմաստով եղած է ճակատագրական՝ դպրոցը փրկելով անդունդի եզրէն։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց նաեւ Բարսեղ Սարայլըի եւ այլ բարերարներու կողմէ դպրոցին բերուած նպաստին կարեւորութիւնը։ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը գնահատեց նաեւ Թոփգաբուի թաղային խորհուրդին կողմէ տարուած աշխատանքը։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2019