ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՈՅԱՃԸԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Նազարէթ Էօզսահակեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։ Թաղականները ընտրութենէն վերջ ապահոված ըլլալով իրենց պաշտօնական վաւերացումը՝ Գումգաբու փութացած էին Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալու։

Անմիջական զրոյցի ձեւաչափին մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թաղականներուն հետ խորհրդակցեցաւ Պոյաճըգիւղի եկեղեցւոյ այժմու կացութեան եւ ծրագիրներուն շուրջ։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը կարողութեան մաղթանքներ յղեց թաղականներուն՝ արգասաբեր պաշտօնավարութեան շրջան մը մաղթելով անոնց։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022