ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՉԵԽԻՈՅ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Չեխիոյ աւագ հիւպատոս Ժիրի Չեսթեսքին։ Մօտեցած ըլլալով իր դիւանագիտական առաքելութեան վերջաւորութեան՝ ան հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան։ Չեխ դիւանագէտը դրական տպաւորութիւններ արտայայտեց Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարած ժամանակահատուածին շուրջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ուրախութիւն յայտնեց այցելութեան համար ու մասնաւորապէս վերյիշեց Չեսթեսքիի ջանքերով կազմակերպուած միջկրօնական համերգը։

Յուշանուէրներու փոխանակումէն վերջ Նորին Ամենապատուութիւնը չեխ դիւանագէտին հրաժեշտ տուաւ՝ յաջողութեան մաղթանքներ յղելով ապագայ գործունէութեան համար։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022