ՆՈՐ ԽՈՒՄԲ, ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած կազմին ներկայացուցիչները։ Ինչպէս ծանօթ է, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ շաբաթավերջին՝ դեկտեմբերի 24-ին։ Այժմու խնամակալութեան անդամներուն գրեթէ բոլորը որոշած են բաւ համարել իրենց ծառայութիւնը եւ փոխանցել հերթը։ Ուստի, խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար ձեւաւորուած է նոր խումբ մը՝ Ալֆրէտ Սունայի գլխաւորութեամբ։ Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասու՝ որպէս այժմու վարչական կազմին հետ միացնող օղակ, ընդգրկուած է այս նոր կազմին մէջ։ Յառաջիկայ շրջանին վարժարանին համար պիտի նշանակուի նոր հիմնադրի ներկայացուցիչ մը։

Ընտրութիւններուն ընդառաջ, Գալֆաեան Տան խնամակալութեան համար թեկնածու առաջադրուած խումբին ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին խմբագրատունս եւ բացատրութիւններ տուին յառաջիկայ շրջանի վերաբերեալ իրենց մտադրութիւններուն եւ ծրագիրներուն շուրջ։ Ըստ էութեան, նոր խնամակալութիւնը կը պատրաստուի առաւել չափով կեդրոնանալ վարժարանին վրայ եւ բարձրացնել անոր մակարդակը։

Միւս կողմէ, Գալֆաեանի թեկնածուները երէկ այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16, 2022