ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԿՈՐՈՒՍՏ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է Կէտիկփաշայի ընտանիքի երիցագոյն անդամներէն Լեւոն Սարկաւագ Էօզփենպէ։ Սա թէ՛ Կէտիկփաշայի ընտանիքին եւ թէ մեր համայնքին համար ծանր կորուստ մըն է։ Արդարեւ, Լեւոն Էօզփենպէ թէեւ անժամանակ չի բաժնուիր մեզմէ, սակայն ան իսկապէս խորհրդանշական անուն մըն էր եւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս ծառայութեան, նուիրումի կերպար մը կը բնորոշէր։

Լեւոն Էօզփենպէ աշխարհ եկած է Կէտիկփաշայի մէջ՝ որպէս պատմական թաղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ ժամկոչի որդին։ Հասակ առած էր այդ եկեղեցւոյ բակէն ներս ու կեանքին ողջ տեւողութեան եղած՝ անոր սպասաւորը։ Կեանքի մէջ արձանագրած էր յաջողութիւններ, սակայն երբեք չէր դադրած երախտագիտական զգացումներ տածելէ եւ ծառայելէ իր թաղի եկեղեցւոյ։ Մեր սարկաւագներու շարքին երիցագոյններէն մին էր։ Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի սիւներու շարքին էր ու բազմամեայ դպրապետը։

Լեւոն Էօզփենպէի կորուստը խոր ցաւ պատճառած է իր ընկերներուն, իր հարազատներուն եւ ամբողջ Կէտիկփաշայի ընտանիքին։ Այսօր Կէտիկփաշան հայ բնակչութենէ նօսրացած մեր թաղերէն մին է եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ կանթեղը վառ կը մնայ առաջին հերթին շնորհիւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի նուիրեալ անդամներուն, որոնք երբեք չեն կորսնցներ պատկանելիութեան զգացումը եւ այդ մղումով ալ շէն կը պահեն եկեղեցին։ Լեւոն Սրկ. Էօզփենպէ այդ պայքարի յառաջամարտիկներէն մին էր, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ անսակարակ ծառայութիւն մատուցած էր իր ծնած թաղի եկեղեցւոյ ու երբեք չէր մոռցած, որ անոր աւազանին մէջ մկրտուած էր։ Անցեալ տասնամեակներուն վարչական պատասխանատուութիւններ ալ ստանձնած էր Կէտիկփաշայի ընտանիքին մէջ։ 1990 թուականի պատրիարքական ընտրութիւններուն Լեւոն Սարկաւագ Էօզփենպէ պատգամաւոր ընտրուած էր Կէտիկփաշայէն ու մաս կազմած՝ Ազգային պատգամաւորական ժողովին։

Ան իր երկար տարիներու անսակարկ ծառայութիւնով դարձած էր Կէտիկփաշայի ընտանիքին համար հեղինակութիւն մը եւ այս պատճառով ալ իր կորուստը կը համարուի անփոխարինելի։

Այս դառն կորուստին առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր բարի հոգւոյն, խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր ընտանիքին եւ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ընկերներուն։

Հինգշաբթի, Յունուար 17, 2019