ՕՆՆՕ ԹՈՒՆՉԻ ՀԱՄԱՐ ՎԵՐՅԻՇՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Այս շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ կ՚ոգեկոչուի անմոռանալի երգահան Օննօ Թունչ, որու անունը միշտ երախտագիտութեամբ ու բիւր յարգանքով կը յիշուի գեղարուեստասէրներու կողմէ։ Օննօ Թունչ, որ ծնած էր 1948 թուականին, զոհ գացած էր ցաւալի արկածի մը՝ բաւական երիտասարդ տարիքի մէջ։ Իր արտադրանքը եղած էր շատ յատկանշական՝ մանաւանդ, որ Սեզէն Աքսուի նման յայտնի անուններ միշտ հանդէս կու գան անոր կատարումներով։ Օննօ Թունչի արտադրանքը այսօր բառին բուն իմաստով ժառանգութեան մը վերածուած է, որովհետեւ այդ գործերը ժամանակի ընթացքին վերարժեւորուած են նոր հոսանքներու լոյսին տակ ու կը համարուին Թուրքիոյ մէջ փոփ երաժշտութեան մեկնակէտը։

Օննօ Թունչի վերյիշման երեկոյթը տեղի պիտի ունենայ վաղը, Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր «Ճեմիլ Ճանտաշ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Մեր համայնքէն խումբ մը նուիրեալներ ներգրաւուած են այս կարեւոր ձեռնարկի կազմակերպչական աշխատանքներուն։ Օննօ Թունչ այն խորհրդանշական անուններէն մին է, որ կը մարմնաւորէ վառ կերպար մը եւ իր պատուոյ տեղը ունի այն երաժիշտներու փաղանգին մէջ, որու անդամները անփոխարինելի նպաստ մը բերած են Թուրքիոյ երաժշտական կեանքին։

Վաղուան համերգը երաժշտասէրներու համար եզակի հնարաւորութիւն մը պիտի ըլլայ վերյիշելու համար Օննօ Թունչի գործը եւ անկրկնելի տաղանդը։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020