ԴՐԱԿԱՆ ՀՈՒՆԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ վարակուած է քորոնաժահրով, դրական հունի մը մէջ կը բոլորէ իր մեկուսացման շրջանը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վարակուած ըլլալու վերաբերեալ լուրը վերջին օրերուն մեծ ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։ Ուստի, բոլորին ուշադրութիւնը լարուած է Նորին Ամենապատուութեան կացութեան վրայ։

Կը տեղեկանանք, որ այժմ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր վիճակը լաւ է եւ իր դարմանումը կ՚ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ։ Երէկ յետմիջօրէին, Նորին Ամենապատուութիւնը հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեց, որ ինքնազգացողութիւնը լաւ է, կը հանգստանայ՝ ըստ մասնագէտներու տուած խորհուրդին ու կը սպասէ անհրաժեշտ մեկուսացման ժամկէտի աւարտին։

Մինչ այդ, մեկուսացման պայմաններու ներքեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր բոլոր կարիքներու դիմագրաւումը կը վերահսկուի գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքարանը փակուած է գործնականօրէն՝ Նորին Ամենապատուութեան պարագային հաւանական ամէն տեսակ պահանջը հոգալու համար Գումգաբուի մէջ՝ որպէս հերթապահ կ՚իջեւանի Պատրիարքարանի լրատուութեան բաժնէն Կարօ Վռամ Պապայեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 17, 2022