«ՍԱՐ» ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ՍԿԻԶԲԸ

«Չըփ­լաք ա­յաք­լար քում­փա­նեա­սը»ն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Թոփ­հա­նէի իր աշ­խա­տա­նո­ցի եր­դի­քին տակ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ար­դի պա­րի նոր ե­լոյթ մը։ «Սար» կո­չուած է այս ներ­կա­յա­ցու­մը, ո­րու հա­մա­հե­ղի­նակ­նե­րը կը հան­դի­սա­նան Միհ­րան Թով­մա­սեան եւ Սա­րօ Ուս­տա։ Միհ­րան Թով­մա­սեան մե­նա­պա­րով մը հան­դէս կու գայ «Սար»ին մէջ, իսկ Սա­րօ Ուս­տա կը վե­րահս­կէ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը։ Հարկ է նշել, որ «Սար»ի ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ձե­ւա­ւո­րուած է Վա­չէ Ե­րա­մեա­նի, Գա­գիկ Մու­րա­տեա­նի, Քլոտ Չա­մի­չեա­նի, Նաի­րու­հի Ա­լա­վեր­տեա­նի եւ Ռի­չըրտ Յա­կո­բեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն զա­նա­զան հա­տուած­նե­րու հա­մադ­րու­թեամբ։ Ծրագ­րի ամ­բող­ջին մէջ լու­սա­խա­ղերն ալ ու­նին կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն, իսկ ա­նոնք կը կա­տա­րուին Ճէմ Եըլ­մա­զէ­րի եւ Ի­րէմ Աւ­ճըի պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տակ։

«Սար»ին մէջ կը պատ­մուի լե­րան մը պատ­մու­թիւ­նը։ Հե­ղի­նակ­նե­րու բա­նա­ձե­ւու­մով, ան խարս­խուած է աշ­խար­հը, մարդ­կու­թիւ­նը, երկ­րա­գունդն ու եր­կին­քը թիւր ըն­կա­լե­լու վրայ։ Ներ­կա­յաց­ման ամ­բող­ջին մէջ ե­զա­կի ձե­ւով կը ցո­լա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը, հա­յու­թեան ան­ցած ու­ղին՝ ար­մատ­նե­րէն սկսեալ մին­չեւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը եւ ա­պա­գա­յի յոյ­սե­րը։

«Սար»ի ներ­կա­յա­ցում­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 17, 2016