ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀ

Այս շաբաթավերջին կը յուղարկաւորուի նորոգ հանգուցեալ աշխարհահռչակ մորթաբան Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեան, որ կը բռնէ անմահութեան ճանապարհը։ Վերջին օրերուն իր կորուստը մեծ ցնցում պատճառեց մեր համայնքին եւ այսօր յետմիջօրէի ժամերուն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ իրեն համար նախատեսուած է փառաշուք յուղարկաւորութիւն մը։

Մինչ այդ, ամբողջ բժշկական աշխարհն ալ կը սգայ Փրոֆ. Տքթ. Յակոբ Կոթողեանի մահը՝ վերջին յարգանքի վառ արտայայտութեամբ։ Երէկ առաւօտ, Իսթանպուլի համալսարանի Ճերրահփաշայի Բժշկական ֆաքիւլթէին մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Կոթողեանի համար սգահանդէս մը։ Ներկայ էր նաեւ Առողջապահութեան նախարար Ահմէտ Տեմիրճան։ Թէ՛ նախարարը եւ թէ պաշտօնակիցները բիւր յարգանքով արտայայտուեցան Յակոբ Կոթողեանի մասին եւ իրենց խոնարհումը բերին անոր յիշատակին առջեւ։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018