ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Տեառնընդառաջի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ մասնակցեցան արարողութեան, որու ընթացքին նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներու կողմէ՝ Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի գլխաւորութեամբ։ Արարողութեան մասնակից հաւատացեալներուն մեծամասնութիւնը ստացաւ Ս. Հաղորդութիւն։

Արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն եւս հանդիսապետեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018