ՄԻՋՄԻՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ԱՐՏԱՍԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՅԹ՝ ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Երէկ երեկոյեան Էսաեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ միջմիութենական բանաստեղծութեան մրցոյթ մը, որ ձօնուած էր գրող Զարեհ Խրախունիի յիշատակին։ Մրցոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, որ միեւնոյն ժամանակ վարեց հանդիսավարի պաշտօնը։ Դատակազմի անդամներն էին՝ Սիլվա Կոմիկեան, Հերմինէ Պենլիօղլու, Մարի Նալճը, Մաքրուհի Պիւյիւքյակոբեան եւ Արամ Կոստանեան։

Մրցոյթի բոլոր մասնակիցները նախ մեկնաբանեցին Խրախունիի «Հանրակառք» բանաստեղծութիւնը, աւելի վերջ ալ ներկայացուցին ազատ գործ մը։ Այս բոլոր ելոյթներէն վերջ դատակազմը կատարեց արժեւորումները եւ հրապարակուեցաւ արդիւնքը։

Մրցոյթի առաջինը հանդիսացաւ Կարօտ Խաչիկեան (Տատեան սանուց միութիւն)։ Երկրորդ հանդիսացան՝ Տիանա Չիլինկիրեան (Պէզճեան սանուց միութիւն) եւ Նաթալի Նալպանտօղլու (Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութիւն)։ Երրորդ հանդիսացան՝ Ասիա Յակոբեան (Պոմոնթի մխիթարեան սանուց միութիւն), Մարկարիթա Սարտարեան (Էսաեան սանուց միութիւն) եւ Երջանիկ Տօնիկօղլու (Սկիւտարի սանուց միութիւն)։ Դափնեկիրներուն տրուեցան յուշանուէրներ եւ պարգեւներ։ Խրախունիի կողակցին՝ Մառլէն Ճիւմպիւշեանի կողմէ ալ մասնակիցներուն ուղարկուած էին իր ամուսնոյն գիրքերէն նմոյշներ։

Երեկոյթի աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։

Շաբաթ, Փետրուար 17, 2018