ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ Ի ՊԱՏԻՒ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր գահակալութիւնը արդէն իսկ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծած է համայնքային շրջանակներէ ներս։ Այսօրերուն՝ Պատրիարք Հայրը հովուապետական այցելութիւններու կու տայ եկեղեցիներուն եւ առիթը կ՚ունենայ իր անդրանիկ պատգամները փոխանցելու։ Մինչ այդ, սիրոյ սեղաններ եւս կը սարքուին ի պատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։

12 փետրուար, չորեքշաբթի երեկոյեան, Գատըգիւղի ընտանիքը ի գլուխ ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Տամատեանը եւ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը, պաշտօնական ընթրիքով մեծարեց թրքհայոց նորընտիր պատրիարքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը երեկոյեան ժամանեց Արամեան սանուց միութիւն, իր մօտն ունենալով Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը։ Պատրիարք Հայրը միութեան մուտքին դիմաւորուեցաւ տեղւոյն հոգեւորական դասու, թաղային խորհուրդի անդամներու եւ սանուց միութեան վարչութեան կողմէ։ Պատրիարք Հայրը, վարչութեան սենեակին մէջ կանգ առնելով, միութեան գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ստացաւ։ Հակիրճ զրոյցէ յետոյ ան առաջնորդուեցաւ սանուց միութեան հաւաքատեղին, ուր բոլոր ներկաներ յոտնկայս ծափահարելով ողջունեցին իր բարձր ներկայութիւնը։ Գատըգիւղի բոլոր մարմինները՝ թաղային խորհուրդը, դպրաց դասը, տիկնանց կազմը, աղքատախնամ մարմինը, Արամեան-Ունճեան վարժարանը, Արամեան սանուց միութիւնը, իրենց ներկայացուցիչներով արդէն իսկ համախմբուած էին տիկնանց կազմի պատրաստած սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Ներկայ էին նաեւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդն ու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ թաղերու պատգամաւորները։ Հանդիպումը սկիզբ առաւ սեղանի օրհնութեամբ։ Ապա Յարութիւն Աբեղան ողջոյնի հակիրճ խօսք մը արտասանելով, բոլոր ներկաները հրաւիրեց Պատրիարք Սրբազան Հօր կենաց եւ արեւշատութեան համար բաժակ բարձրացնելու։

Յանուն թաղային խորհուրդին, ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ատենապետ Արման Պիւքիւճեան եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, քանի իրենց թաղէն ներս կը հիւրասիրէին Պատրիարք Հայրը։ Սոյն հանգրուանը պատմական էր թաղի պատմութեան էջերէն ներս եւ մաղթեց, որ ապագային եւս զանազան առիթներով միշտ վայելեն Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը։ Ողջոյնի խօսք մը եւս արտասանեց սանուց միութեան ատենապետ Սեւան Աթաօղլու եւ Պատրիարք Սրբազան Հօր ժողովրդասիրութիւնը դրուատեց։ Այնուհետեւ, ինք եւս վստահութիւն յայտնեց, թէ Նորին Ամենապատուութիւնը ժողովուրդի ապագային նկատմամբ նախանձախնդիր է եւ առողջ ապագայի համար գործնական քայլեր պիտի նետուին իր առաջնորդութեամբ։

Գիշերուան տեւողութեան ընթացքին Տիանա Գույումճու եւ Սեւան Շէնճան մեներգեցին ու գեղարուեստական յայտագիրով իրենց ներդրումը բերին սիրոյ սեղանին։ Ներկաներէն՝ Արսէն Թոքատլըօղլու, Անի Պարոնեան, Մարկոս Քարահան, Տքթ. Արտաշ Աքտաղ եւ Ժանին Չուպուքճու հանդէս եկան իրենց դրուատալից խօսքերով։ Այնուհետեւ, անոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, քանի ժողովուրդի եւս մեծ վստահութեամբ ընտրուած էր Պատրիարք Հայրը եւ ժողովուրդը ի վերջոյ տիրացած էր իր հոգեւոր պետին։ Անոնք հաւաստիացուցին, թէ Պատրիարք Հայրը լսողն է ժողովուրդին պահանջներուն եւ ան պատրաստ է ամենայն բարեացակամութեամբ գործնապէս պատասխանել այս բոլորին։ Մասնաւորապէս յիշատակուեցաւ Սահակ Բ. Պատրիարքի, վարդապետական ծառայութիւնը եւ Ս. Գրքի քարոզչական աշխատութեանց մէջ ձեռք բեռած պտղաբերութիւնը։ Այնուհեհեւ, Պատրիարք Հօր մաղթեցին արեւշատութիւն եւ պատասխանատու նոր պաշտօնին վրայ յաջողութիւն։

Գիշերուան եզրափակիչ փուլին արտայայտուեցան եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը։ Առաջին հերթին իր սրտի խօսքը արտասանեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ան որդիական ակնածանքով ողջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը։ Ինք եւս հաստատեց, թէ Պատրիարքական Աթոռոյ գահակալը հոգեւոր հայրն է մերազն ժողովուրդին եւ անոնք պէտք է պատրաստ ըլլան իրենց հօր սատարելու։ Սուրբգրային օրինակէն մէջբերելով, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան իւրաքանչիւր օժանդակողը նմանցուց Սիմոն Կիւրենացիին, որ խաչի ճանապարհի վրայ շալկած էր Քրիստոսի խաչը։ Պատրիարք Հայրը ստանձնած էր պաշտօն մը, ծառայութեան լուծ մը, վասն սիրոյն ժողովուրդին եւ այդ դժուարին ճամբորդութեան մէջ կարիքը պիտի ունենար Սիմոն Կիւրենացիներու։ Ան մաղթեց, որ Սիմոն Կիւրենացիներու ներկայութեամբ Պատրիարքական Աթոռոյ առաքելութիւնը ծաղկի, իր գահակալին առաջնորդութեամբ եւ ոգեւորութեամբ։

 Տէր հօր խօսքերուն յաջորդեց Յարութիւն Աբեղայի սրտի խօսքը։ Հայր սուրբը յանուն ներկաներուն եւ թաղեցիներուն՝ օրհնաբեր ներկայութիւնը ողջունեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։ Ինք եւս հաստատեց, թէ ինչպէս մանկան մը համար իր հօր ներկայութենէն զրկուած տարիներուն աճիլը եւ երիտասարդ դառնալը դժուար է, նոյն ձեւով պոլսահայ ժողովուրդը երկար տարիներ զրկուած ըլլալով պատրիարքի մը ներկայութենէն, դժուար ապրումներով հասակ նետեց։ Ան յիշեցուց, թէ Թուրքիոյ հայ համայնքը կրօնական համայնք մըն է, հետեւաբար հոգեւոր առաջնորդը ազգէն ընտրուած ներկայացուցիչն ու հոգատարն է համայնքին։ Այս պահը ապրելու երանութեամբ փառք տուաւ Աստուծոյ։ Ապա յիշեց երանաշնորհ Գարեգին Ա. Կաթողիկոսի խօսքը, որուն մէջ կ՚ըսէ. «Մէկ գործ չընելու համար հազար պատճառ կարելի է գտնել, ինչպէս նաեւ հազար գործ ընելու համար մէկ պատճառ գտնել։ Սէրն է այդ պատճառն ու մղիչ ուժը»։ Այս խօսքին հետեւելով ըսաւ, թէ Պատրիարաքական Աթոռին եւ Հայ Եկեղեցիին հանդէպ իրենց տածած սէրը պատճառ կրնայ ըլլայ, որ հազար գործ կատարուի Պոլսոյ մէջ։ Այս ինքնագիտակցութեան հրաւիրեց ներկաները եւ հաստատեց, թէ Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ պիտի կատարուին մեծ գործեր ու ժողովուրդը անմասն չմնայ ապագային կերտելի ազգաշէն աշխատութիւններէն։ Իր խօսքերու աւարտին հայր սուրբը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Սահակ Բ. Պատրիարքին, քանի իր հաւատացեալ առաջնորդի տիպարը կը ներշնչէր եւ պիտի ներշնչէր շատերուն։ Ինք եւս հաստատեց, թէ ներկայիս զանազան գաղութներէ եւ Հայաստանէ ներս եւս, Սահակ Պատրիարքը շատ սիրուած հոգեւորական մըն է եւ այս առումով իր գահակալութիւնը պատուաբեր է Պոլսոյ Աթոռին համար։

Սրտի խօսքերէն յետոյ հայր սուրբը յանուն Գատըգիւղի ընտանիքին, Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց ձեռաց խաչ մը եւ մաղթեց, որ Ս. Խաչը միշտ պահապան ու օգնական ըլլայ Պատրիարք Հօր։ Մինչ այդ, ժողովուրդը ծափահարութիւններով կը միանար ոգեւորութեան։

Հանդիսութեան հուսկ բանքը կատարեց Պատրիարք Հայրը, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Գատըգիւղի ընտանիքին եւ ներկայ բոլոր հարազատներուն։ Դրուատալից խօսքերը ոգեւորած էին զինք, բայց ինք այս բոլորին կ՚ուզէր նաեւ իրապաշտ մերձեցումով մօտենալ։ Ինք կոչուած էր պատմական աթոռի մը գահակալութեան եւ այս մէկը բարձր պատասխանատուութիւն մըն էր։ Յիշեցուց, թէ ժողովուրդը պատրիարքին անձին մէջ պէտք է տեսնէ իր ներկայութիւնը եւ պատրիարքը ժողովուրդը տեսած ժամանակ նմանապէս պէտք է տեսնէ ինքզինքը։ Հետեւաբար, այս պարտականութիւնը առանձինն տանելի պարտականութիւն մը չէր եւ ժողովուրդի զաւակներուն ներդրումը անհրաժեշտ էր։ Երկար տարիներէ ի վերջ առանց պատրիարքի ապրելու պատճառաւ զանազան խնդիրներ կուտակուած էին եւ այժմ կը սպասէին իրենց բարւոք լուծումներուն։ Ինք որպէս Քրիստոսի սպասաւորներէն մին պիտի աշխատէր այս ուղղութեամբ, որպէսզի Քրիստոսի առջեւ մնար մշակ առանց ամօթոյ։ Իր խօսքերուն մէջ Պատրիարք Հայրը նշեց Գատըգիւղը եւ թաղի անցեալի եւ այժմու փառքը։ Ուրախութեամբ յայտնեց, թէ թաղի քարոզիչն ու երէցը, հայր ու որդի, ո՛չ միայն կը ծառայեն Գատըգիւղին, այլ Պատրիարաքական Աթոռոյ ճամբով իրենց ծառայութեան սահմանները կ՚ընդլայնեն։ Պատրիարքի մը համար բախտ էր տեսնել նման տեսարանը։ Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց, որ նման ոգեւորիչ պահերը աւելնան համայնքէն ներս եւ սիրոյ միաբանութեան մէջ հաստատոուած մեր ժողովուրդի զաւակները ուղղուին դէպի ապագայ։ Հուսկ՝ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ըսաւ, թէ այն խաչը, զոր ստացաւ Գատըգիւղի մէջ, թող պահապան ըլլայ ո՛չ միայն իրեն, այլ՝ Պոլսոյ Աթոռոյ եւ բոլոր ժողովուրդին։

Հանդիսութիւնը միասնաբար արտասանուած Տէրունական աղօթքով իր աւարտին հասաւ։ Ապա ներկաներ մօտեցան Նորին Ամենապատուութեան եւ իր աջը առնելով ստացան իր օրհնութիւնը։

Հարկ է նշել, թէ, 20 փետրուար, հինգշաբթի, ժամը 18.00-ին, Պատրիարք Հայրը հովուապետական անդրանիկ այցելութիւնը պիտի շնորհէ Ս. Թագաւոր եկեղեցիին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 17, 2020