ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ԽՆԱՄԱՏԱՐ ՄԱՐՄՆԻ ԳԼՈՒԽԸ Կ՚ԱՆՑՆԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՍԱՐՕ ՊԵՆԿԼԵԱՆ՝ ՅԱՋՈՐԴԵԼՈՎ ԱՐԻ ՉՈԼԱՔԻՆ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի պարագային այս ամառ տեղի պիտի ունենայ կազմի փոփոխութիւն։ Երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան Տան նորընտիր խնամակալութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի, ընթրիքի սեղանով մը հիւրընկալեց Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի ատենապետ Արի Չոլաքն ու գործակից ընկերները, որոնք վերջին չորս տարիներուն ստանձնած էին հաստատութեան ղեկը։ Դպրոցի երդիքին տակ թէ՛ խնամակալութեան անդամները եւ թէ խնամատար մարմնի անդամները մէկտեղուեցան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ։ Թէեւ սրահին մէջ զգալի էր ընդհանուր մթնոլորտին տխրութիւնը, սակայն, խնամակալութիւնը արժեւորեց քառամեայ պաշտօնավարութեան շրջանին խնամատար մարմնին կողմէ տարուած աշխատանքին նշանակութիւնը։ Այս առթիւ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Արի Չոլաքին։ Այս վերջինը հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց չորս տարիներու գործունէութեան ընթացքին իրեն հետ գործակցած ընկերներուն, կայանի տնօրէնութեան, կամաւորներուն եւ նուիրատուներուն։ Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շրջանին Կազդուրման կայանի խնամատար մարմինը պիտի գլխաւորէ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան։