ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի եւս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շարք մը՝ ի յի­շա­տակ հան­գու­ցեալ Ար­ման Մա­նու­կեա­նի։ 3x3 ձե­ւա­չա­փով կազ­մա­կեր­պուած պաս­քեթ­պո­լի մրցա­շար­քը այս տա­րի հա­մընկ­նե­ցաւ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։ Մրցա­շար­քը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նաեւ ո­գե­կո­չե­լու հա­մար ա­կում­բի վա­ղա­մե­ռիկ մար­զիկ­նե­րէն Սար­վէն Ամ­պար­ճըն։

Ա­ւար­տա­կան խա­ղին «Զա­կա» եւ «Օն Տը Պիչ» խում­բե­րը հան­դէս ե­կան բուռն մրցակ­ցու­թիւ­նով։ Ար­դիւն­քին «Զա­կա» խում­բը դար­ձաւ ա­խո­յեան։ Յա­ջոր­դած մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին «Զա­կա»ի տղա­քը ի­րենց պար­գե­ւը ստա­ցան ձե­ռամբ Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րը­նի։ Միւս դափ­նե­կիր­նե­րուն մրցա­նակ­ներն ալ յանձ­նե­ցին հան­գու­ցեալ Ար­ման Մա­նու­կեա­նի որ­դին՝ Ռոյ Մա­նու­կեան, Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ­նե­րէն Հայ­կա­րամ Գա­րա­սու։

Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն կող­մէ յու­շա­նուէր­ներ պատ­րաս­տուած էին նաեւ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն եւ ի­րա­ւա­րար­նե­րուն հա­մար։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2016