ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թաք­սիմ մար­զա­կում­բը ե­րէկ մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ ող­ջու­նեց Մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րար Ա­քիֆ Չա­ղա­թայ Քը­լը­ճը, ո­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նաեւ շատ կա­րե­ւոր լու­րի մը պաշ­տօ­նա­պէս հրա­պա­րակ­ման։ Թաք­սիմ­ցի­նե­րը նա­խա­րար Քը­լը­ճը հիւ­րըն­կա­լե­ցին ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ ու պէտք է ը­սել, որ այս հան­դի­պու­մը ե­ղաւ ան­մո­ռա­նա­լի։

Նա­խա­րար Քը­լըճ ե­րէկ այ­ցե­լեց Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի Ֆէ­րի­գիւ­ղի Չո­պա­նօղ­լու փո­ղո­ցի մար­զա­դաշ­տը։ Ներ­կայ էր նաեւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Էօ­մէր Ֆուատ Կիւն­տայ։ Ա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը մեծ պա­տիւ­նե­րով հիւ­րըն­կա­լե­ցին նա­խա­րա­րը։ Ա­կում­բի վար­չու­թիւ­նը հրա­ւի­րած էր նաեւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բա­զում դէմ­քեր եւ մեր վար­ժա­րան­նե­րէն ա­շա­կերտ­ներ։

Այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը սկսաւ Թաք­սի­մի մար­զա­դաշ­տին վրայ։ Ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Կա­րօ Հա­մամ­ճեան, որ­մէ վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցան Էօ­մէր Ֆուատ Կիւն­տայ եւ նա­խա­րար Ա­քիֆ Չա­ղա­թայ Քը­լըճ։

Ե­լոյթ­նե­րէն վերջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս ստո­րագ­րուե­ցաւ փրո­թո­քոլ մը։ Այս մէ­կը կը վե­րա­բե­րի Թաք­սի­մի մար­զա­դաշ­տին վե­րա­բե­րեալ կա­տա­րուած պաշ­տօ­նա­կան կար­գադ­րու­թեան։ Ար­դա­րեւ, ա­կում­բի Ֆէ­րի­գիւ­ղի մար­զա­դաշ­տի օգ­տա­գործ­ման ի­րա­ւուն­քը յա­ռա­ջի­կայ տաս­նութ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին պի­տի պատ­կա­նի Թաք­սի­մին։ Սա լուրջ ձեռք­բե­րում մըն է մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ, ո­րով­հե­տեւ մար­զա­կան ու ե­րի­տա­սար­դա­կան մեր կեան­քէն ներս կրնայ ըն­ձե­ռել նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ։

Հա­մա­պա­տաս­խան փրո­թո­քո­լը ե­րէկ ստո­րագ­րուե­ցաւ ու­րախ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Փաս­տա­թուղ­թին տակ ստո­րագ­րու­թիւն­ներ դրած են՝ նա­խա­րա­րը, Թաք­սի­մի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը եւ Իս­թան­պու­լի Մարմ­նա­մար­զի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

Ընդգ­ծուե­ցաւ, որ այս գոր­ծար­քի հա­սու­նաց­ման մէջ լուրջ դեր ու­նե­ցած է մեր ազ­գա­յին­նե­րէն Ա­րամ Քու­րան։ Կա­րօ Հա­մամ­ճեանն ալ այս կա­պակ­ցու­թեամբ խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին, գլխա­ւո­րու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին։

Ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ Կա­րօ Հա­մամ­ճեան նա­խա­րա­րին յանձ­նեց յու­շա­նուէր մը։ Ա­պա նա­խա­րա­րը եւ հիւ­րե­րը ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան ա­կում­բի վար­չա­յին կեդ­րո­նը, ուր սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Ա­քիֆ Չա­ղա­թայ Քը­լըճ ստո­րագ­րեց պա­տուոյ տո­մա­րը։ Նա­խա­րա­րը ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցեց մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն գոր­ծիչ­նե­րու հետ։

Ուրբաթ, Մարտ 17, 2017