ՍԻՊԻԼԻՆ ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց յայտնի մեներգչուհի Սիպիլը, որ վերջին օրերու Պէյրութի համերգով լիբանանահայութեան մեծ համակրանքին առարկայ դարձաւ։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին Կիլիկեան Աթոռի գահակալը արտայայտեց հայրական գնահատանքը Սիպիլի արուեստին նկատմամբ։

Նորին Սրբութեան մօտ տեղի ունեցած տեսակցութեան մասնակցեցան նաեւ Համազգայինի ներկայացուցիչները՝ նկատի ունենալով, որ Պէյրութի համերգը կազմակերպուած էր այդ կառոյցի նախաձեռնութեամբ։

Հինգշաբթի, Մարտ 17, 2022