ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԷՋ
«ԹԷՏ» Աթաքենթ քոլէճի տանտիրութեամբ Թուրքիոյ Մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Առաջին մտախաղերու մրցաշարքին մասնակցեցան տասնինն միջնակարգէ աշակերտներ։ Մասնակից աշակերտական խումբերը որպէս ուղեցոյց ունէին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտները, որոնք Առաջին մտախաղերու մրցաշարքին հանդիսացան հինգերորդ։ Իսկ անձնական շարքէն ներս Պէզճեան Մայր վարժարանի սաներէն Էմիլ Յակոբեան մաս կազմեց աւարտական փուլերուն, որոնց ընթացքին գրաւեց եօթներորդ հորիզոնականը՝ յիսունհինգ մրցակիցներու կարգին։
Այս առթիւ կը շնորհաւորենք Պէզճեան Մայր վարժարանի Մտային խաղերու խումբը, որուն կ՚անդամակցին՝ Էմիլ Յակոբեան, Մելանի Քուշ եւ Լիմա Քարաքուշ, որոնց կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։ Կը շնորհաւորենք նաեւ իրենց ուսուցչուհին՝ Նիրվա Տամլան։