ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԻՋՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ

Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն երկրորդը։ Այս ծրագրին համար հիւրընկալ վարժարանին աջակցեցաւ Թրքական ուղեղի խումբը եւ Մտախաղերու հրատարակչութիւնը։

Մեր համայնքէն 13 վարժարան մասնակցութիւն բերաւ միջնախակրթարանային մտախաղերուն։ Բացի հիւրընկալ Պէզճեան Մայր վարժարանէն, մտախաղերուն մասնակցեցան Գալֆաեան, Տատեան, Մէրամէթճեան, Եշիլգիւղ, Թարգմանչաց, Սահակեան-Նունեան, Անարատ Յղութիւն, Արամեան-Ունճեան, Գարակէօզեան, Լեւոն-Վարդուհեան եւ Մխիթարեան։

Աշակերտները զանազան ճիւղերու մէջ չափեցին իրենց գիտելիքները։ Արդիւնքին՝ խմբային դասաւորման մէջ յառաջատար դարձաւ Գարակէօզեան, որուն յաջորդեցին Մէրամէթճեան եւ Տատեան։

Անհատական դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Ալէն Նուրիճան (Գարակէօզեան), որուն հետեւեցան Արատ Տոլար (Մէրամէթճեան) եւ Քամի Մինասէր (Տատեան)։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2018