ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՇԱՆԼԸԻ ՄԱՍԻՆ ԴՐԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ մեր համայնքը այս շրջանին ցաւ կ՚ապրի՝ իր շարքերէն տխուր կորուստներով։ Համընդհանուր ուշադրութեան եւ հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ վարակեալներու ընդհանուր վիճակն ու դարմանման ընթացքը։ Այս ամբողջին մէջ համայնքային շրջանակները առանձնայատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւին Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլըի կացութեան։ Հարկ է նշել, որ քորոնաժահրէ վարակուած ըլլալով՝ Յարութիւն Շանլը դարմանման տակ կը գտնուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ։

Վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ մտած են զանազան լսումներ, ըստ որոնց Յարութիւն Շանլըի բուժման գործընթացը ունի դրական ընթացք։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ մասնագէտներ բժշկական բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնեն իրեն համար։ Ուրախառիթ է, որ Յարութիւն Շանլըի ընդհանուր վիճակը մտած է դրական հունի մէջ եւ այժմ կան լաւատեսութեան պատճառներ։

Այս բոլորը լաւատեսութեամբ կ՚ընկալուին համայնքային շրջանակներուն կողմէ՝ մինչ ներկայիս բոլորի աղօթքներուն մէջ տեղ կը գտնէ Յարութիւն Շանլըն, որպէսզի յաղթահարէ այս ծանր փորձութիւնը եւ վերագտնէ իր կատարեալ առողջութիւնը։  

Ուրբաթ, Ապրիլ 17, 2020