ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐ

Գարակէօզեան Տան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային աւանդական մտախաղերը։ 11-րդ անգամ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուեցաւ համագործակցութեամբ՝ Թուրք ուղեղի խումբի եւ Մտախաղերու կազմի։

«Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» աշխատանոցի երդիքին տակ, 9 վարժարանէ 27 աշակերտի մասնակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ ծրագիրը՝ թէ՛ անհատական եւ թէ խմբային անուանակարգերով։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին հիւրընկալ վարժարանի ուսուցչական կազմէն Նատին Քասըմօղլու եւ Զէյնէփ Եիւճէլ Պաշտանօղլու։

Խմբային անուանակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Պէզճեան Մայր վարժարանը, որուն յաջորդեցին Գարակէօզեան Տան եւ Տատեան վարժարանի խումբերը։ Անհատական դասաւորման մէջ Պէզճեանէն Էմիլ Յակոբեան զբաղեցուց առաջին հորիզոնականը, անոր յաջորդեցին Գարակէօզեանէն Սարին Եաման եւ Մելիք Եկէնեան։

Մրցանակաբաշխման հանդիսութեան ընթացքին բոլորին պարգեւներն ու վկայականները յանձնեց Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիք Քուրուղօղլու, որ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ աշակերտներու ուղեցոյց ուսուցիչներուն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023