ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մեր հայեր» նորաստեղծ միութեան ծանօթացման ընդունելութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, «Մեր հայեր»ը համավարակի շրջանին ստեղծուեցաւ՝ որպէս ընկերային օժանդակութեան շարժում։ Յաջորդած շրջանին կազմակերպութիւնը զարգացաւ եւ այսօր արդէն ստացած է՝ նոր միութեան մը դիմագիծը։

Շաբաթավերջի ընդունելութեան պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու հետ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր։

Յայտագրի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ռոպերթա Չիրիշեան եւ Յովհաննէս Եանճը։ Այս առթիւ անոնք ընդգծեցին, որ միութիւնը տեղակայուած է Շիշլիի մէջ յարկաբաժնի մը երդիքին տակ, որու սեփականատէրը կը նախընտրէ իր անունին չհրապարակուիլը։ Ելոյթ մըն ալ ունեցաւ միութեան վարչութեան ատենապետ Արեւ Ճէպէճի, որ զանազան դէմքերէ եկած պատգամները ընթերցելու առընթեր բեմ հրաւիրեց միութեան հիմնադիրները, որոնց յանձնուեցան յուշանուէրներ։ Ճէպէճի տեղեկացուց, որ նորաստեղծ միութեան պատուոյ ատենապետն է մեր համայնքէն Եթքին Պէրպէրօղլու։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ արտասանեց հուսկ բանքը, որու ընթացքին ողջունելի համարեց «Մեր հայեր»ու այս նոր պաշտօնական կառոյցի ձեւաչափով հանրութեան ներկայանալը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2023