ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԷՍԿԻՇԷՀԻՐ
Եշիլգիւղի վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները վերջերս ճամբորդութիւն մը կատարեցին դէպի Էսկիշէհիր։ Վարժարանի տնօրէն Ալին Պիւյիւքէրի գլխաւորած խումբին մաս կազմեցին նաեւ ուսուցչական կազմէն դէմքեր։ Իսթանպուլի մերձակայ այս քաղաքին մէջ տղաքը ունեցան հաճելի ժամանց։ Իրենց անմիջականութեան մէջ անոնք ծանօթացան տեսարժան վայրերուն եւ պատմամշակութային միջավայրին։ Էսկիշէհիրի կեդրոնին առընթեր աշակերտները այցելեցին նաեւ մերձակայ գաւառակները։
Ուղեւորութեան ընթացքին Եշիլգիւղի վարժարանի խումբը այցելեց նաեւ Սիվրիհիսարի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, որ վերջին շրջանին վերանորոգուած է շրջանի քաղաքապետութեան կողմէ։
Աշակերտները անմոռանալի յիշատակներով ու վառ տպաւորութիւններով վերադարձան Իսթանպուլ։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024