ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ-դեսպան Սքաթ Ուուտքիրքը, որուն կ՚ընկերանային Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Տարիա Տերնըլ եւ հիւպատոսարանի քաղաքական խորհրդատու Քեւըն Մոս։
Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը փութացած էր՝ ծանօթանալու համար Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, նաեւ տեղեկութիւններ քաղելու Աթոռի գործունէութեան եւ առաքելութեան շուրջ։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը հիւրերուն մանրամասնութիւններ փոխանցեց թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։
Գումգաբուէն հրաժեշտ առնելէ առաջ ամերիկացի դիւանագէտները շրջայց մըն ալ կատարեցին Պատրիարքարանի համալիրէն ներս՝ մասնաւորապէս այցելելով թանգարանը, ուր զիրենք առաջնորդեց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։