ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՊՏՈՅՏԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ

Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ 2016-2017 կրթական շրջանը աւարտին հասաւ բոլորի բարձր տրամադրութեամբ։ Շրջանաւարտից փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տրուեցաւ աւարտական դասարանի աշակերտներուն, ինչ որ ստեղծեց մեծ ոգեւորութիւն։ Տարեվերջի հանդէս մըն ալ կազմակերպուեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար։

Պաքըրգիւղի «Պոթանիկ» պարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ մանկարպարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Յայտագրի տեւողութեան տղաքը գեղեցիկ տարազներով հանդէս եկան պարերով, երգերով եւ ստացան իրենց առաջին վիճակացոյցը։ Անոնք արժանացան բոլորի ջերմ ծափահարութիւններուն։

Բաց աստի, շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուեցաւ պտոյտ մը՝ դէպի Այվալըք։ Եռօրեայ այս պտոյտը անմոռանալի դարձաւ բոլորին համար։ Տղաքը թէ՛ բնական գեղեցկութիւնները վայելեցին եւ թէ հաղորդ դարձան շրջանի պատմամշակութային ճոխ ժառանգութեան։ Աշակերտները եւ զանոնք վերահսկող կրթական մշակները վառ տպաւորութիւններով վերադարձան Իսթանպուլ։

Շաբաթ, Յունիս 17, 2017