ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէս։ 2018-2019 կրթական շրջանի հունձքը դպրոցէն հրաժեշտ առաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։ Ներկայ էին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներ, վարժարանի պատասխանատուները, ծնողաց միութենէն դէմքեր, շրջանաւարտներու ընտանիքները, հիւրեր, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէք։

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Տքթ. Եգուարդ Հարբութ եւ ուսուցչուհիներ Ալիս Էմիրկելօղլու եւ Լուսիա Քըլընչլը-Չիւրիւքճիւ։ Տղաքը հանդիսաւոր պայմաններու մէջ ստացան իրենց վկայականները։ Անոնք ծափահարութիւններու արժանացան իրենց գործադրած եռալեզու յայտագրով։ Այս տարուան դափնեկիր շրջանաւարտներ են՝ Լիզա Թաշճը, Լիտիա Թաշճը, Ալիշան Ռուփէն Հասար, Արի Եըլտըրըմ, Արա Պոյաճը եւ Էլայ Չըրաք։ Բոլոր շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած էին յուշանուէրներ, իսկ դափնեկիր շրջանաւարտները ստացան յաւելեալ պարգեւներ։

Շրջանաւարտութեան հանդէսը աւարտին հասաւ ընդունելութեամբ, որու ընթացքին հատուեցաւ աշակերտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը։

Երկուշաբթի, Յունիս 17, 2019