ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԱՌՑԱՆՑ ՓԱՌԱՏՕՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համակրելի մեներգչուհիներէն Մարալ Այվազ այս շաբաթավերջին պիտի մասնակցի առցանց ձեռնարկի մը, որ պիտի մէկտեղէ աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ երաժիշտներ։ Զանազան երկիրներէ աւելի քան քսան երաժիշտներու շարքին պիտի գտնուի Մարալ Այվազ, որուն պիտի նուագակցին՝ Արի Հերկել, Սեւան Ինեափան եւ Սեւան Կարապետեան։

Փարիզակեդրոն «Արմենոփոլ» հարթակը ընկերային ցանցերու միջոցաւ այս շաբաթավերջին՝ շաբաթ, 19 յունիսին ընկերային ցանցերու միջոցաւ պիտի հեռարձակէ այս համերգը, որ պիտի սկսի Թուրքիոյ ժամով 20.00-ին։ Հայկական երաժշտութեան հեռավար փառատօն մըն է այս մէկը, որու ընթացքին Մարալ Այվազ գործնականօրէն պիտի ըլլայ պոլսահայութեան ներկայացուցիչը՝ իր նուագակից ընկերներուն հետ։ Ան ունկնդիրներուն համար երկու երգ պիտի մեկնաբանէ։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021