ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔՈՅՐԵՐԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն երկու աշակերտուհիներ վերջերս գրական մրցանակի մը մէջ դարձած են դափնեկիր։ Այսպէս, «Neslin Değişen Sesi» միջնակարգին կողմէ կազմակերպուած, «Կտաւէ դէպի մատիտ բանաստեղծութեան եւ պատմուածքի մրցոյթ» կոչուած մրցոյթին մէջ անոնք արձանագրած են փայլուն յաջողութիւն։ 10-րդ անգամ կազմակերպուած այդ մրցոյթին մէջ 5-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Նարօտ Վարդանեան «Masal Şehri» կոչուած ոտանաւորով եղած է բանաստեղծութեան ճիւղի առաջինը։ 8-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Նարեկ Տիգրիս Վարդանեանն ալ «Mari Teyzem» անուն գործով պատմուածքի ճիւղին մէջ հանդիսացած է երկրորդ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Մէրամէթճեան վարժարանի յաջող աշակերտները, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով իրենց։

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021