ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀՈՒՆՁՔԸ

Եշիլգիւղի վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ փայլուն հանդէսով մը։ Շրջանաւարտութեան արարողութիւնը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան՝ մինչ Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչներն ալ ուրախակից էին թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ անոնց ծնողներուն։ Դպրոցի տնօրէն Մելիքճան Զաման հանդէս եկաւ շրջանաւարտներուն ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

Եշիլգիւղի վարժարանի շրջանաւարտներն ալ հրաժեշտի փուլին վերյիշեցին դպրոցական տարիներու իրենց յուշերը։

Յայտագրի գործադրութեան յաջորդեց ընթացաւարտներուն ի պատիւ սարքուած ընթրիքը, որու ընթացքին հատուեցաւ նաեւ կարկանդակ մը եւ անոնք իրենց սիրելի դպրոցէն հրաժեշտ առին՝ ապագայ ձեռքբերումներու մաղթանքով։

Շաբաթ, Յունիս 17, 2023