ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Թոփգաբուի ընտանիքը թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտ տուաւ խանդավառ հանդէսով մը։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին շրջանաւարտները վառ ձեւով արտայայտեցին՝ դպրոցի նկատմամբ իրենց տածած սէրը։ Ներկայ էին նաեւ Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչները։ Տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը՝ շրջանաւարտներուն յաջողութիւն մաղթելով ապագայ կրթական կեանքի համար։ Վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ տքթ. Եգուարդ Հարբութն ալ շնորհաւորեց տղաքը։ Յայտագրի գործադրութենէն եւ վկայականներու յանձնումէն վերջ բոլորը անցան դպրոցի պարտէզը, ուր ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին հատուեցաւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը։