«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԻ ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ՀԻՒՐԵՐԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը երէկ երեկոյեան հիւրընկալեց արժանթինահայ «Գայիանէ» պարախումբը։ Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երկու պարախումբերու պատասխանատուներու եւ պարողներու ջերմ հանդիպումը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։

«Գայիանէ» պարախումբը ներկայիս կ՚ուղեւորուի դէպի Հայաստան։ Յառաջիկայ օրերուն, Երեւանի «Պարոնեան» թատրոնի երդիքին տակ այս խումբը պիտի ունենայ ելոյթ մը։ Արժանթինէն Հայաստան ճամբորդելու ճանապարհին խումբը դադար մը առած է Իսթանպուլի մէջ եւ այս դադարն ալ առիթ հանդիսացած է՝ որպէսզի «Մարալ» եւ «Գայիանէ» համոյթները ի մի գան եւ հաստատեն ծանօթութիւն։ Հիւր համոյթը Իսթանպուլ եկած է քառասուն հոգիէ բաղկացեալ խումբով մը։ Քաղաքիս մէջ՝ դէպի Երեւան ուղեւորութեան ընադառաջ անոնց միջանկեալ կեցութիւնը կը տեւէ երեք օր։

Շուրջ ամիս մը առաջ «Գայիանէ» պարախումբի պատասխանատուները կապ հաստատած են «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի հետ։ Շնորհիւ այդ հաղորդակցութեան տեղի ունեցաւ երէկուան հանդիպումը։ «Գայիանէ» պարախումբի գլուխը կը գտնուի Ռաֆֆի Գրիգորեան, որ քսան տարիէ ի վեր այդ համոյթի գեղարուեստական ղեկավարն է, իսկ աւելի առաջ մաս կազմած է Հայաստանի Պարի պետական համոյթին։ Խումբին մէջ է նաեւ արժանթինահայ յայտնի ազգայիններէն Ատրիան Լոմլոմճեան։ Էսաեան սանուց միութեան մէջ երկու համոյթներու պատասխանատուները եւ անդամները ունեցան ջերմ զրոյց մը։ Երիտասարդներ պարեցին իրարու հետ եւ աւելի վերջ «Մարալ» համոյթը պատուասիրութիւն մը սարքեց ի պատիւ «Գայիանէ»ի վարչայիններուն եւ անդամներուն։ Այս ծանօթութիւնը, բնականաբար, երկու համոյթներու միջեւ համագործակցութեան նոր հեռանկարներ կ՚ուրուագծէ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 17, 2018